image

Բրիտանացի պատգամաւորը առաջարկած է ԼՂ էթնիք զտման առընթեր միջազգային պատժամիջոցներ կիրառել

Բրիտանացի պատգամաւորը առաջարկած է ԼՂ էթնիք զտման  առընթեր  միջազգային պատժամիջոցներ կիրառել

Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան մէջ «Լեռնային Ղարաբաղէն հայ փախստականներուն միջազգային աջակցութիւն» թեմայով քննարկման ժամանակ Մեծ Բրիտանիա-ՀՀ բարեկամութեան խումբի նախագահ Թիմ Լոութըն յիշեցուցած է 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-էն սկսած բոլոր ողբերգական իրադարձութիւնները:

Պատգամաւորի համոզմամբ`պատերազմը, ատոր հետեւած յայտարարութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը եւ հայաթափումն ունեցած են մէկ հետեւանք՝ էթնիք զտում: Ան նշած է, որ Հայաստանի համար դժուար եղած է քանի մը օրուան մէջ ընդունիլ 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուած հայեր:

Ըստ պատգամաւորի՝ հակառակ Հայաստանի կառավարութեան իրականացուցած ծրագիրներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու զգալի մասը բախած է ընկերային լուրջ խնդիրներու: Լոութըն քննարկման ներկայ կառավարութեան ներկայացուցիչներէն հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Լոնտոնը պիտի հետաքննէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած էթնիք զտումը եւ Ատրպէյճանէն պիտի պահանջէ՞ հեռանալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն:

«Միջազգային իրաւունքի այս չարաշահումներու համար հետեւանքներ պէտք է ըլլան։ Պէտք է ըլլան պատժամիջոցներ։ Կը կարծեմ, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը դերակատարում ունի որեւէ խաղաղապահ գործունէութեան մէջ, որ կրնայ օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանի սահմաններն անվտանգ դարձնելու համար, քանի որ հիմա շատ փխրուն իրավիճակ է: Մենք հոգատարութեան պարտականութիւն ունինք։ Այս տան պարտականութիւններէն մէկն է՝ աշխարհին տեղեկացնել այս էթնիք զտումներու եւ այս հսկայական մարդասիրական ճգնաժամի մասին»,- նշած է պատգամաւորը։