image

Բնաջնջման փորձին զուգահեռ Ատրպէյճանը սննդամթերքի բեռեր ուղարկած է Ղարաբաղի բնակչութեան

Բնաջնջման փորձին զուգահեռ Ատրպէյճանը սննդամթերքի բեռեր ուղարկած է Ղարաբաղի բնակչութեան

Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը որոշած է աշխարհին կեղծ մարդասիրութիւն ցուցադրելու հերթական ներկայացումը բեմադրել՝ «մարդասիրական նպատակներով» սննդամթերքի բեռեր ուղարկելով Ղարաբաղի մէջ հայ բնակիչներու կարիքները հոգալու համար։

Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այսօր Ստեփանակերտ ուղարկուած է 20 թոն բեռով 2 բեռնատար՝ տարբեր պարէնային ապրանքներով եւ առողջապահական պարագաներով եւ եւս 2 մեքենայ՝ հացով։

Աղտամի շրջանով մեքենաները շարժած են դէպի Ասկերան։

Նշուած է, թէ ապրանքը պիտի հասցուի եւ բաշխուի բնակչութեան արդէն գործող «Աղտամ-Խանքենդի» (Ակնա-Ստեփանակերտ) ճանապարհով։

Ըստ երկրի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան՝ նման մարդասիրական սննդամթերքի մատակարարումը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային։