Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց Աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց Աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու ու անձերու ճամբով Աստուած յիշեցուց մարդուն իր իւրայատուկ կոչումը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու իր Արարիչին՝ վերականգնելով իր Աստուածատուր շնորհները ու արժանիքները: Սակայն, մարդը մնաց խրած մեղքի տիղմին մէջ:
Աստուած, յաւիտենական սիրոյ աղբիւրը, չէր կրնար լքել իր մեղքին գերին դարձած մարդը: Ինչպէս Աւետարանիչը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մեղաւոր մարդը վերադարձնէ իր երկնաւոր Հօր (Յհ 3.16):
Քրիստոս՝ երկրորդ Ադամը (Ա.Կր 15.45) մարդացաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը՝ առաջին Ադամի գործած մեղքին տիրապետութենէն ու վերականգնէ զայն Աստուծոյ պատկերին համաձայն: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ կեանքը, որպէսզի մարդը ապրի Քրիստոսի արիւնով մաքրագործուած կեանք մը: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը, որպէսզի մարդը կարենայ իր կեանքին դիմաց Քրիստոսը նկատել իրա՛ւ ճշմարտութիւնը: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճամբան, որպէսզի մարդը կարենայ աշխարհի ճամբաներուն մէջէն ընտրել Քրիստոս-ճամբան:
Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը բարձրացնել առ Աստուած: Քրիստոս Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը մօտեցնել Աստուծոյ: Քրիստոսի ծնունդով Աստուած մարդուն հետ եղաւ մարդուն փրկութեան համար: Աւետարանը Քրիստոսը կը բնութագրէ որպէս Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ» (Մտ 1.23): Քրիստոսի մարդեղացումով մարդը վերամարդացաւ իր աստուածաստեղծ էութեամբ ու կոչումով: Ինչպէս Առաքեալը կʼըսէ, առաջին Ադամով մահ եկաւ աշխարհ, իսկ երկրորդ Ադամով՝ կեանք (Հռ 5.18): Քրիստոսի խաչով մահը նուաճուեցաւ: Քրիստոսի յարութեամբ խորտակուեցաւ մարդուն թագաւորութիւնը ու հաստատուեցաւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը, ծնունդն է նոր մարդուն:
Արդ, Բեթղեհէմը հրաւէր է ուղղուած մարդուն, հեռանալու առաջին Ադամէն ու դառնալու երկրորդ Ադամին՝ Քրիստոսին: Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, Քրիստոս աշակերտներուն ըսաւ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20):
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Քրիստոս միշտ մեզի հետ է. արդեօք մենք Քրիստոսին հետ ե՞նք...: Մտածենք այս մասին: Յաճախ մեր առօրեայ զբաղումները ու մտահոգութիւնները, մեր հաճոյքն ու հանգիստը առիթ չեն տար, որ Քրիստոսի հետ ըլլանք: Մեր կեանքը տիրապետուած է այնպիսի կենցաղակերպերով ու գործելակերպերով եւ այնպիսի երեւոյթներով ու առաջնահերթութիւններով, որոնք յաճախ մեզ հեռու կը պահեն Քրիստոսէն: Մեր մեղաւոր անձերու փրկութեան համար աշխարհ եկած Քրիստոս կը մօտենայ մեզի, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք մօտենալու իրեն. կը խօսի մեզի հետ, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք լսելու զինք. ցոյց կու տայ մեզի կեանքի ճշմարիտ ճամբան, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք քալելու այդ ճամբէն:
Բեթղեհէմը հրաւէր է վերանորոգ հաւատքով դառնալու Քրիստոսին: Այլ խօսքով, խաւարէն՝ լոյսին, չարէն՝ բարիին, մահէն՝ կեանքին:
Քրիստոսին դառնալ կʼենթադրէ խոստովանիլ մեր մեղքերը ու ապաշխարհել:
Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ Քրիստոսը դաւանիլ մեր միակ ապաւէնն ու փրկիչը, մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը:
Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ սիրել մեր նմանը եւ հոգածու ըլլալ հիւանդին ու կարիքաւորին:
Արդարեւ, Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, որ առանց Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութեան դատարկ է ու անիմաստ մեր ապրած կեանքը, մեր կերտած փառքը ու մեր դիզած հարստութիւնը: Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, թէ ինչ կը նշանակէ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդ ըլլալ՝ աստուածատուր շնորհներով ու պարտաւորութիւններով:
Քրիստոսին դառնալով պիտի մաքրուին մեր սրտերը, պիտի բերկրին մեր հոգիները ու պիտի լուսաւորուի մեր կեանքի ճամբան:
Առանց Քրիստոսի վերանորոգ ներկայութեան անզօր է մարդը:
Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր ցաւին ու ուրախութեան մէջ:
Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր կեանքը շրջապատող անորոշութեան, տագնապներուն ու յուսահատութեան մէջ:
Դառնա՛նք Քրիստոսին այն հաստատ հաւատքով, որ մեղաւոր, հիւանդ, տագնապահար, լքուած ու անտէր մարդուն հետ ըլլալու համար աշխարհ եկած Քրիստոս մեզ կը սպասէ՝ մեզի հետ ըլլալու ու մեր կեանքին առաջնորդը, ապաւէնը ու փրկիչը դառնալու:
*
* *
Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, եղբայրական սիրով կʼողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով կʼողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:
Հայրական սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կʼողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդները, հոգեւորական դասը ու ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, աղօթելով, որ միշտ մնան Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 Յունուար, 2024
Անթիլիաս, Լիբանան