image
Հրատապ լուրեր:

Բերման Հրամանագիր Ֆէթհիւլլա Կիւլէնին Դէմ

Բերման  Հրամանագիր Ֆէթհիւլլա    Կիւլէնին  Դէմ

Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»-Պոլիս) Պոլսոյ  մէջ հեռակայ կարգով ձերբակալման հրաման   հրապարակուած է,Միացեալ Նահանգներ  բնակութիւն  հաստատած իսլամական ուսմունքի   գիտնական Ֆէթհիւլլա Կիւլէնին դէմ, մինչ տեղական դատարան մը ընդունած է մեղադրական գործունէութիւն ընդդէմ 69 կասկածեալներու, ներառեալ Կիւլէնը «Ֆէթհուլլայական ահաբեկչական կազմակերպութիւն (FETO)  զուգահեռ գործող  (PDY)  կազմակերպութեան  անդամներուն դէմ:  Պոլսոյ    13-րդ վերադատ դատարանը, 1453 էջնոց մեղադրանք ընդունած է ընդդէմ Կիւլէնին  եւ անոր  կասկածելի դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Կիւլէնի    գործակից համարուող Սինան Տուրսունին  դէմ: Դատարանը հրամայած է, որ  այս կասկածելիները փնտռուին  դատարանի կողմէ արձակուած, կարմիր նկատողագիրով:Կիւլէն մեղադրուած է «Թրքական հանրապետական կառավարութիւնը  տապալելու»   առընթեր  անոր պատրաստած ծրագրին համար:  Ըստ  դատական վճիռին ան     կազմակերպած է  FETO/ PDY զինեալ կուսակցութիւն մըստանալով գաղտնի տուեալներ, որոնք քաղաքական լրտեսական նպատակներու կը ծառայեն, «Մեղադրանքներու պատիժը կը սահմանուի 37 տարի բանտարկութեամբ»:Ըստ ամբաստանագրին ոստիկանութեան նախկին  տեղակալ Համզա Թոսուն  Պոլսոյ ֆինանսական ոճիրներու մասնաճիւղի նախկին ղեկավար Քազիմ Աքսոյ եւ ֆինանսական ոճիրներու մասնաճիւղի ղեկավար ու  նախկին պատգամաւոր Եասին Թափսու, կ'ենթադրուին ըլլալ զինեալ կազմակերպութեան ղեկավարները: Անոնք 338 տարի բանտարկութիւն դիմակալելու ենթակայ են:Այս հակասական դէպքի լսումները պիտի ըլլան  յառաջիկայ   տարուան 6-8  Յունուարէն մինչեւ 11 Յունուար եւ  դատավարութեան վայրը տակաւին չէ որոշուած:Մեղադրական գործունէութիւնը ագդը պատրաստուած էր  Պոլսոյ հասարակական գլխաւոր դատախազական գրասենեակին  կողմէ:Ութը հոգի, որոնց մէջ էր նախագահ Ռաջապբ Թայէպ Էրտողան, զաւակը՝ Պիլալ Էրտուղան եւ   Թուրքիոյ  գաղտնի սպասարկութեան (MIT) գլխաւորը Հագան Ֆիտան, այս հարցով որպէս գանգատողներ ցուցակագրուած են: 27 անձեր, որոնց մէջ է Վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլու, ցուցակագրուած են որպէս զոհեր: