image

Բարի լուր Հալէպէն. Մեղեդի եւ Սարօ ամուսնացեալք (Լուսանկար)

 Բարի լուր Հալէպէն. Մեղեդի եւ Սարօ ամուսնացեալք (Լուսանկար)

«Արեւելք» Հալէպէն բարի լուր ստացաւ։

Մեղեդի Սարգիսեան ընդ Սարօ Չէրչեան Սուրբ Խորանի առջեւ կանգնելով կնքած են իրենց ամուսնութիւնը Հալէպի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

 Երիտասարդ զոյգերը միասնաբար կը ծառայեն Հալէպի հայ համայնքէն ներս եւ անոնք ընտրած են Հայ Առաքելական Հոգեւոր եղբայրակցութեան ճամբով  ծառայելու ճանապարհը։ 

Անոնք տիրացած են բարձրագոյն ուսման ու նաեւ շնորհիւ այդ ձեռքբերումներուն կարողացած են նետուիլ կեանքի ասպարէզ։

 Մինչ Սարօ ունի բժշկական ուսում եւ ներկայիս ալ հիմնադրած է յարգի մետաղներու յատուկ տարրալուծարան մը, իսկ Սարին տիրացած է ճարտարագիտութեան բարձր ուսման։

Ինչպէս վերը նշեցինք, անոնց համար մեծագոյն տարերք ու կեանքի իմաստ է ծառայել հայ եղբայրասիրացի ճամբով ու այդ առումով ալ իրենց ժամանակէն կարեւոր բաժին մը յատկացուցած են եղբայրասիրացի երիտասարդականի բաժնին։

 

Դժուարին օրերէ անցած Հալէպը այսօր ալ կը շարունակէ պայքարիլ ու հակառակ պատերազմական գործողութեան դադրեցումին հայաշունչ քաղաքը կը դիմագրաւէ բազմապիսի խնդիրներ։ Ուշագրաւը սակայն այն է, որ մեր երկու երիտասարդ հայրենակիցները, անտեսելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները վճռած են իրենց կեանքը շարունակել իրենց եւ մեզմէ շատերուն համար հարազատ եզերքին ՝ հայաշունչ Հալէպի մէջ։

 Շնորհաւորութիւններ։