image

«Բարի եւ մաքուր անունդ, կորուստդ շատ ցաւալի է ոչ միայն ընտանիքիդ՝ այլեւ բոլորիս համար».Անուշ Նագգաշեանի գրառումը (Լուսանկար)

«Բարի եւ մաքուր անունդ, կորուստդ շատ ցաւալի է ոչ միայն ընտանիքիդ՝ այլեւ բոլորիս համար».Անուշ Նագգաշեանի գրառումը (Լուսանկար)

 

Դեռ երէկ մտահոգ էր Հայաստանով, քիչ մը առաջ ազգային հարցերով, եւ յանկարծ՝ Ներսէսին նկարը մահուան գոյժով… 

Ուրեմն այդքան դիւրին է եղեր մեռնիլը…

Անցեալ տարի Վարդան Քահքէճեանին մահուան առիթով խօսեցար հետս, քանի մը հարցում ունէիր ցաւակցական նամակ մը գրելու համար, երկա՜ր խօսեցանք հին օրերէն, հայրենիքի ներկայ վիճակէն, նոյն մտահոգութիւնները կը կիսէինք։ Թէեւ տարիքի տարբերութիւն կար մեր մէջ, բայց ակումբէն ներս դուն բոլորինն էիր, որեւէ հարցով կրնայինք դիմել քեզի, ուրախութեամբ կ՚օգնէիր, ամիսը մէկ պիտի հարցնէիր եթէ նոր բանաստեղծութիւն մը սորված էի, պատրաստուիր հանդէս ունինք կ՚ըսէիր։ Հեռաձայնը չգոցած ըսի. «Ներսէս, խոստովանութիւն մը ունիմ քեզի, ամէն անգամ հարց-պատասխանի երեկոներէն ետք երբ ինծի ապրիս կ՚ըսէիր՝ շատ կ՚ուրախանայի, գիտե՞ս ինչու, որովհետեւ ծնողքս միշտ կ՚ըսէին, Ներսէսը խելացի տղայ է, եւ խելացի տղայ մը ինծի ապրիս կ՚ըսէր, այնպէս կ՚ուրախանայի…»։ Լաւ խնդացինք…

Շորաթաղը…

Մեր պատանեկութեան ամենասիրելի թաղը…

Ինչպէս տօներն ունին իրենց նախատօնակը, այդպէս ալ նախաակումբը Շորաթաղի Ներսէսեաններուն տունն էր…

Այսօր ամբողջովին փոխուած է բնակչութիւնը Շորաթաղին, աստիճաններէն, որ բարձրանաս՝ չկան Դաւիթեան քոյր-եղբայրները, անոնց դիմաց Վանի որբերէն բանաստեղծ Պրն. Մուրատ Մանուկեանը իր ընտանիքով, տիկինը՝ Սուլթանիկը, այդ անունէն մէկ հատ ալ չէ եղած Երուսաղէմի մէջ։ Շիտակ կ՚երթաս տիկին Մարին, որ տպաւորած էր զիս իր դէմքին վրայ գտնուող մեծ եւ սեւ խալովը։ Ձախիդ՝ ճերմակ մազերով տիկին մըն էր, որուն անունը չեմ յիշեր, բայց երբ մահացաւ, սենեակէն խոշոր հաւկիթ մը ելաւ, ջայլամի հաւկիթ է ըսին։ Անոնց դիմաց Ճանսըզեաններն էին, որոնց մեծ մայրը կոյր էր եւ երկու երկար հիւսքեր կ՚իջնէին ծոծրակէն վար, յետոյ մեր սիրելի Արան՝ թատերասէր եւ դերասան, որ շուտ գնաց այս աշխարհէն, կ՚ապրէր մօրը՝ տիկին Սօնային եւ հօրը Պրն. Գաբոյին հետ, անոնց կողքին՝ հարսը, որ մինչեւ խոր ծերութիւն հարս մնաց, թերեւս զաւակ չունենալուն համար։ Եւ վերջապէս Ներսէսեաններուն բազմանդամ ընտանիքը… Մեր հաւաքավայրը, ուրկէ կ՚ուղուէինք ակումբ՝ երգի փորձի, պարի փորձի, հարց-պատասխանի երեկոներու, թատրոնի փորձի, եւ այս փորձին եւ այն փորձին… 

Զէյթունցի Վարդան եւ Մարիամ հիւրընկալ, սրտաբաց տունը ընդամէնը մէկ սենեակ էր, ուր մեծցած էին իրենց եօթ զաւակները, բոլորն ալ յառաջադէմ աշակերտներ դպրոցին մէջ, գործունեայ անդամներ Հայ Երիտասարդաց Միութեան ակումբէն ներս, ընտանիքին չորս տղաներն ալ՝ Եղիան, Ներսէսը, Լիպարիտն ու Վիգէնը իրենց բարձրագոյն ուսումը ստացան հայրենիքի մէջ փայլուն վկայականներով եւ թէեւ ոչ Երուսաղէմի մէջ այսօր, սակայն եղան ու կը մնան գաղութիս պատիւ բերող նախկին սաղիմահայեր։ Այդպէս էին նաեւ Կատարը, Սալբին եւ Սեդան՝ գործունեայ անդամներ մեր միութեան եւ նոյնպէս եղած փայլուն աշակերտներ։

Ինչպէս կը կարդանք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Հայկական Երուսաղէմ» գիրքին մէջ. «Բուն Շորաթաղը բաց բակ մըն է 20 եւ 5 մեդր թեւերով, որուն շուրջը կը գտնուին 9 սենեակներ։ Ասոնց մէջ դիզուած են տեղաշորեր եւ բարձեր, վերմակներ եւ կարպետներ, եւ այս դէզերէն կ՚առնէ թաղս իւր անունը»։

Բայց իմ մանուկ ուղեղս ուրիշ բացատրութիւն ունէր, ես կը կարծէի ու համոզուած էի, որ Շորաթաղ անունը տրուած է Ներսէսեաններուն բազմազաւակ ընտանիքին պատճառով, չէ՞ որ շատ էին, ուրեմն լուացքն ալ շատ պէտք էր ըլլար…

Ամէն տարի Մայրերու Օրուան հանդիսութեան, Տիկին Մարիամը բեմ կը հրաւիրուէր որպէս ամենաշատ զաւակ ունեցող մայրը։ 

Երկու օր է, որ Ներսէսին անժամանակ մահուան գոյժը կ՚երեւայ դիմատետրին վրայ։ Չես կրնար հաւատալ, չես կրնար չհաւատալ… 

Դեռ երէկ մտահոգ էր Հայաստանով, քիչ մը առաջ ազգային հարցերով, եւ յանկարծ՝ Ներսէսին նկարը մահուան գոյժով… 

Ուրեմն այդքան դիւրին է եղեր մեռնիլը…

Անցեալ տարի Վարդան Քահքէճեանին մահուան առիթով խօսեցար հետս, քանի մը հարցում ունէիր ցաւակցական նամակ մը գրելու համար, երկա՜ր խօսեցանք հին օրերէն, հայրենիքի ներկայ վիճակէն, նոյն մտահոգութիւնները կը կիսէինք։ Թէեւ տարիքի տարբերութիւն կար մեր մէջ, բայց ակումբէն ներս դուն բոլորինն էիր, որեւէ հարցով կրնայինք դիմել քեզի, ուրախութեամբ կ՚օգնէիր, ամիսը մէկ պիտի հարցնէիր եթէ նոր բանաստեղծութիւն մը սորված էի, պատրաստուիր հանդէս ունինք կ՚ըսէիր։ Հեռաձայնը չգոցած ըսի. «Ներսէս, խոստովանութիւն մը ունիմ քեզի, ամէն անգամ հարց-պատասխանի երեկոներէն ետք երբ ինծի ապրիս կ՚ըսէիր՝ շատ կ՚ուրախանայի, գիտե՞ս ինչու, որովհետեւ ծնողքս միշտ կ՚ըսէին, Ներսէսը խելացի տղայ է, եւ խելացի տղայ մը ինծի ապրիս կ՚ըսէր, այնպէս կ՚ուրախանայի…»։ Լաւ խնդացինք…

Ի՞նչ մնաց Ներսէս, բարի եւ մաքուր անունդ, կորուստդ շատ ցաւալի է ոչ միայն ընտանիքիդ՝ այլեւ բոլորիս համար։

Շորաթաղը Ներսէսեաններուն թաղն է, մեր շատ սիրելի թաղը, մեր հաւաքավայրը ամէն ձեռնարկէ ու հանդիսութիւններու փորձերէն առաջ։ Այդ մէկ սենեակը ուր մեծցաք դուք հազար դղեակ արժէր…

Սիրտս կ՚արիւնի, որ ինչո՞ւ մեր խոստումնալից ու լաւ երիտասարդութիւնը ձգեց Երուսաղէմը ու հեռացաւ… Հարստացուցիք աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայկական գաղութները՝ իւրաքանչիւրդ իր կարգին որբ ձգելով հայկական դարաւոր Երուսաղէմը… Եւ ոչ միայն դուք… Ձեզի նման շատեր… Եւ պատճառը պատերազմներն ու անկայուն քաղաքական վիճակը չէր միայն, այլեւ այս հաստ պատերուն մէջ չկրցան արժեւորել ու պահել մեր երիտասարդութիւնը… Խոստումներ, խոստումներ ու խոստումներ տրուեցան եւ չկատարուեցան… Ամենամեծ հրդեհն անգամ փոքրիկ կայծէ մը կրնայ սկսիլ եւ այդ կայծը զլացան… 

Այո՛, սիրտս կ՚արիւնի սիրելի Ներսէս, եւ քու անժամանակ մահդ այսօր այդ վէրքին վրայ աղ ցանեց…։

 Անուշ Նագգաշեան

 (Սաղիմահայ գրող)