Արցախի հերոս, զօրավար Վիտալի Բալասանեանի որդին՝ Արթուր Բալասանեան, եղբայրը՝ Վաչիկ Բալասանեան, քեռորդին՝ Գարիկ Եուզբաշեան արդէն ազատ արձակուած են, իսկ Վիտալի Բալասանեան կը շարունակուի գտնուիլ հիւանդանոց՝ սրտի հետազօտման համար։ Այս մասին յայտնած է փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան։
Նշենք, որ դատարանը մերժած է Վիտալի Բալասանեանի ձերբակալման իրաւաչափութեան վերաբերեալ բողոքը։ Պաշտպանն արդէն վերաքննիչ դատարան բողոք ներկայացուցած է ։
Յիշեցնենք, որ 14 յուլիսին, իրաւապահները ձերբակալած են Վիտալի Բալասանեանը: Ան ձերբակալուած է ԱՀ քրէական օրէնսգրքի 337 յօդուածի 1-ին մասով յանցանք կատարելու կասկածանքով: Արցախի քրէական օրէնսգրքի 337 յօդուածի 1-ին մասը կը սահմանէ՝ իշխանութեան ներկայացուցչի կամ անոր մերձաւոր ազգականի նկատմամբ կեանքի կամ առողջութեան համար ոչ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելը կամ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքը՝ կապուած անոր կողմէ իր ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու հետ։