image

Բախտաւորութիւն. Բաբիկ եւ Մելանի Չաքմաքճեաններ բախտաւորուած են երրորդ զաւակով՝ Սէրլի

Բախտաւորութիւն. Բաբիկ եւ Մելանի Չաքմաքճեաններ բախտաւորուած են երրորդ զաւակով՝ Սէրլի

Բնիկ Պէյրութահայ   եւ  Աւստրալիա  հաստատուած Բաբիկ Չաքմաքճեանի օճախէն բարի լուր ստացանք։

 

 Մեր հայրենակիցը բախտաւորուած է երրորդ դուստրով մը ՝ Սէրլի։

 

 

 Նշենք, որ Բաբիկ եւ Մելանի Չաքմաքճեանները ծնող են երկու դուստրերու ՝ Զուլալ եւ Արզնի անուններով։

 

Հայութեամբ ապրող մեր հայրենակիցին համար եւ մասնաւորապէս հայութեան համար այս բարդ օրերուն հայրանալը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ այլ իմաստներ, որոնք կը գօտեպնեն մեր ազգային պատկանելիութիւնը ու մեր վիրաւոր ազգին կու տան տագնապը յաղթահարելու ու նոր յաղթող սերունդներ կերտելու լիարժէք յոյսեր։

 

 «Եթէ կը հաւատանք հայ ժողովուրդի անմահութեան, ապա մեզ պէտք են նոր օճախներ եւ այդ օճախներէն սլացող նոր աղջիկներ ու տղաներ» օրերս, այդպէս արտայայտուած է Բաբիկ Չաքմաքճեանը, խօսելով «Արեւելք»ի լրագրողին։