Բագրատ Սրբազան օգոստոս 2-ին հայցադիմում ներկայացուցած է Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ ընդդէմ ՔՊ-ական պատգամաւոր Վաղարշակ Յակոբեանի։ Այս մասին կը տեղեկանանք Datalex տեղեկատուական համակարգէն։
Ղեկավարուելով ՀՀ Սահմանադրութեան 61-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 63-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ «Մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին» Եւրոպական համաձայնագրի 6-րդ յօդուածով՝ Բագրատ Սրբազանը կը պահանջէ Վաղարշակ Յակոբեանէն բռնագանձել 3,000,000 (երեք միլիոն) ՀՀ դրամ, որմէ 2,000,000 (երկու միլիոն) ՀՀ դրամ՝ զրպարտութեան համար, 1,000,000 (մէկ միլիոն) ՀՀ դրամ՝ վիրաւորանքի համար։
Հայցադիմումը մակագրուած է Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Շուշանիկ Աւագիմեանին։