Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականի համար տուած ժամանակը լրանալէն ետք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ընթացող հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց, որ խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւններ պիտի սկսին՝ ստիպելու հրաժարական ներկայացնել։
«Խոփդ քարին է կպել։ Պարզապէս ժամանակ ես ձգում»,- դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին, ըսած է շարժման ղեկավարը։
Ան ըսած է, որ նաեւ Ազգային ժողովով վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց պիտի սկսին եւ այդ նպատակով ԱԺ երեք խմբակցութիւններու հետ քննարկումներ պիտի կազմակերպեն։
Դիմելով հրապարակի մէջ հաւաքուած ժողովուրդին, Բագրատ սրբազանն ըսած է․ «Եթէ ձեզ համար թանկ է Հայաստանի ազատագրութիւնը, պետականութիւնը, մեր պատիւն է, ուրեմն այս երկու-երեք օրը տառապանքով պէտք է նուաճենք մեր յաղթանակը»։