image

Բագրատ սրբազան հանդիպած է ՀԱԿ-ի ներկայացուցիչներու հետ

Բագրատ սրբազան հանդիպած է  ՀԱԿ-ի   ներկայացուցիչներու հետ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը հանդիպած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կուսակցութեան`Հայ ազգային քոնկրեսի անդամներ Լեւոն Զուրաբեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ։ Ան այդ մասին յայտնած է լրագրողներու հետ զրոյցին։

«Խօսել ենք իրենց դիրքորոշման ու կեցուածքի մասին, եւ յետոյ մենք երկար տարիների բարեկամութիւն ունենք։ Ի վերջոյ ես հոգեւորական եմ»,–ըսած է Բագրատ սրբազանը։

Լրագրողի հարցին, թէ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամներն արդեօք կ՚աջակցին շարժման կողմէ առաջ քաշուած պահանջներուն, օրինակ`Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին, ան պատասխանած է` այդ մասին ըսելու կարիք չկար, քանի որ անոնք մէկ անգամ չէ, որ խօսած են այդ մասին։

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ուժերու հետ վաղուան հանդիպումներուն, Բագրատ սրբազանն ըսած է, որ մէկ մասի հետ այս ընթացքին արդէն հանդիպած են, բայց քանի որ կուսակցութիւնները շատ են, իսկ ժամանակը` քիչ, որոշած են նաեւ ընդհանուր հաւաք ընել եւ որոշակի եզրայանգման գալ միասին։