image

Այսպէս ուրեմն. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Այսպէս ուրեմն. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Ճիշդ չէ՛ այսքան անտարբերութիւն:

Ճիշդ չէ՛ այսքան մեծ կորուստին դիմաց ոչինչ պատահածի նման կեանքը շարունակելը:

Այսքան նահատակ, հող, արիւն, քրտինք` վասն ինչի՞, եթէ ոչ` մեր էութիւնը ամրապնդելու համար:

Ամէն մարդ պարտաւոր է զգալու եւ ինքնիրեն հարց տալու, թէ ի՞նչ կ՛ընէ, ինչո՞ւ կ՛ընէ, այսպիսով ո՞ւր կ՛երթայ` անհատապէս եւ հաւաքաբար:

 

 

Սեպտեմբեր 19-ն տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ: Ամբողջ Արցախ աշխարհը պարպուեցաւ, յանձնուեցաւ, արցախահայութիւնը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ: Աշխարհը լուռ ու խուլ ականատեսը դարձաւ զոհերուն, կորուստներուն, անհետ կորուածներու եւ բանտարկեալներու ճակատագիրին:

Սակայն այս բոլորէն երեք ամիս չանցած, փաստօրէն, ուրախ, բնական, բան մը չեղածի տրամադրութեամբ Նոր տարի կը դիմաւորենք ամէն տեղ` Հայաստան եւ սփիւռք: Ո՛չ հոն, ո՛չ ալ հոս կը նշմարենք, որ կարեկցանք, զգացում, մտածում, զսպուածութիւն եւ յարգանք կայ:

Տեղ մը ընդհանրապէս բան մը պակսած է փաստօրէն: Տեղ մը հաւաքաբար հողի, հայրենիքի, կորուստի, վրէժի, ձգտումի, հաւատքի, կամքի եւ որոշումի պակաս ունինք:

Հայրենի իշխանութիւնները` իրենց վարքագիծով, սփիւռքը` իր անտարբերութեամբ, գաղութները` իրենք իրենց ապրելու հեւքով… Ամէն տեղ տօնակատարութիւններ ընելու համարձակութիւն կայ: Խրախճանք, պազար, Կաղանդ պապա, քէյֆ ընելու առիթ, երգահանդէս, պարահանդէս եւ տարբեր մակարդակներու վրայ` անձնական, միութենական եւ  պետական նախաձեռնութիւններ:

Իսկ այս բոլորին մէջ եւ բոլորին կողքին, շատ աննշան ու մատներու վրայ հաշուըուող են այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին Արցախի գաղթականները յիշել, անոնց մասին մտածել ու օժանդակել, շունչ ու ոգի տալ ծանր վիճակի մէջ իր հողէն արմատախիլ եղած, տունէն ու տեղէն զրկուած արցախահայութեան:

Նպատակս քննադատել չէ, ոչ ալ` սխալներ մատնանշել: Սակայն յստակ է, որ հաւաքական նահանջ կայ ազգային դաստիարակութեան, արժէքներու նկատմամբ յարգանքի եւ սկզբունքներու ըմբռնման իմաստով:  Կրնայ ըլլալ, որ անհատներ չեն գիտեր, բայց միութիւնները, կազմակերպութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, մամուլը, ձայնասփիւռը արթուն պահակը պէտք է մնան մեր ազգային դաստիարակութեան ջահը վառ պահելու:

Ճիշդ չէ՛ այսքան անտարբերութիւն:

Ճիշդ չէ՛ այսքան մեծ կորուստին դիմաց ոչինչ պատահածի նման կեանքը շարունակելը:

Այսքան նահատակ, հող, արիւն, քրտինք` վասն ինչի՞, եթէ ոչ` մեր էութիւնը ամրապնդելու համար:

Ամէն մարդ պարտաւոր է զգալու եւ ինքնիրեն հարց տալու, թէ ի՞նչ կ՛ընէ, ինչո՞ւ կ՛ընէ, այսպիսով ո՞ւր կ՛երթայ` անհատապէս եւ հաւաքաբար:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»