Երեւանէն սփռուող եւ մշակութային հարուստ եթերներ ունեցող «Բուն TV» հեռուստաալիքը կը ներկայացնէ «Սփիւռք» ընդհանուր խորագիր մը կրող յայտագիր, որուն մէջ ալ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերած է ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։
Ելոյթի շահեկանութեան համար խօսքը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի հարթակով։
Այսօրուան սփիւռքի ընդհանուր իրականութեան մասին խօսելով Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կ՚ըսէ՝
«Եթէ նոր Սփիւռքի մասին կը խօսինք, պիտի հասկնանք առաւելաբար, բայց ոչ միայն այստեղ գաղթած մեր հայորդիներուն մասին։ Երբ կը խօսինք նոր սփիւռքի մասին, անշուշտ պիտի խօսինք Արեւմուտքի մասին՝ արեւմտեան աշխարհին մասին, որովհետեւ աւելի հին համայնքները, որ կան Միջին Արեւելքի մէջ, անոնք արդէն շատ քիչ նոր անդամներով կը համալրուին։ Անոնք նաեւ ունին իրենց քաղաքական, ապահովական խնդիրները։ Ուրեմն նոր Սփիւռքի իւրայատկութիւնները որո՞նք են։ Նախ եւ առաջ քանի որ կայ յարաբերաբար, հաստատուած եւ բաւական հասունացած համայնքային կառոյցներ՝ եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ, իւրաքանչիւրը իր անդամակցութեան կարգերով՝ շարքերով եւ նաեւ, ինչու չէ իր կառոյցներով, հաստատութիւններով։ Ուրեմն, երբ որեւէ հայորդի կը հասնի այս համայնքը, պէտք է նաեւ հասկնայ, թէ այդ ամէն ինչը՝ վերիվարոյ ինչպէս կը գործէ։ Եւ եթէ մէկը եկած է որեւէ միջավայրէ, այս պարագային՝ Հայաստանէն ուր համայնքային դրուածք գոյութիւն չունի, այսինքն՝ կայ քաղաքացին եւ կայ պետութիւնը։ Երկուքին միջեւ քաղաքացիական որեւէ հանրութիւն (civil society) գոյութիւն չունի կամ նոր սկսած է գոյութիւն ունենալ։ Հետեւաբար, Հայաստանէն եկողին համար այդ դրուածքը անծանօթ է՝ խորթ է, թէ իր ու պետութեան միջեւ այդ խաւը ինչպէս կը գործէ կամ այդ խաւի դերակատարութիւնը ինչ պիտի ըլլայ իր անձնական կեանքին մէջ։ Եւ բնական է, որ հայը կու գայ կը հասնի այս ափերը, այստեղի դժուարութիւններով՝ ընկերային, տնտեսական, եւ այլն, իր անմիջական մտասեւեռումը բնականաբար պիտի է ըլլայ իր ապրուստը ապահովելը, իր դժուարութիւնները հարթելը։ Իսկ մնացած խնդիրները՝ համայնքային, ազգային, միշտ երկրորդական «փլան»-ի վրայ են։ Եւ բնականաբար այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, բայց ժամանակի ընթացքին, մեր հայրենակիցները, ուրկէ որ եկած ըլլան՝ Լիբանանէն, Պարսկաստանէն կամ ուրիշ տեղերէ, կը հասկնան, որ ինչ որ տեղ պիտի սկսին կարիքը զգալ այդ համայնքային կառոյցներուն, եթէ անոնք կ՚ուզեն որոշ չափով ապրիլ որպէս հայ։ Եթէ որոշած են հայութենէն լրիւ ձեռք քաշել, հեռանալ, ապրիլ որպէս ամերիկացի, խնդիր չկայ, ատիկա կարելի է՝ երթալ եւ որեւէ անկիւն մը ապրիլ, արարել, ինչպէս որ կը ցանկան։ Բայց եթէ որպէս հայ պիտի ապրին, ինչ որ տեղ պիտի հասկնան, որ կան մարտահրաւէրներ, իրենց զաւակներուն հետ կապուած։ Շատեր իրենց զաւակները չեն ներառեր հայկական կազմակերպութիւններու, ամենօրեայ հայկական վարժարաններու, կամ թէկուզ շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ու այդ միջավայրին մաս չեն կազմեր եւ կը բաւարարուին միայն անմիջական ընտանիքով, հարազատներով։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք կը հասկնան այդ բոլորին արժէքը եւ կամաց-կամաց անոնք կը մօտենան հայկական շրջանակին։ Աւելի «աքթիւ» մասնակցութեան մասին, ղեկավարութեան անդամ ըլլալը արդէն տարբեր հարց է։
Ժամանակակից դառնալու խնդիր կայ։ Ասիկա ոչ թէ միայն հինի եւ նորի միջեւ յարաբերակցութեան իմաստով է, բայց իրենք որպէս կառոյցներ, իրենց կանոնադրութեամբ կամ դրուածքով տեղ-տեղ սկսած են արդէն, մեծ բառ թող չթուի, կամ չեմ ուզեր շատ լրջացնել, բայց ժամանակավրէպ սկսած են դառնալ այդ իմաստով։ Ուրեմն բոլորն ալ ներկայիս ճիգի մէջ են ժամանակակից ձեւեր որոնելու, յարմարուելու, եւ այլն։ Առաւելաբար, նաեւ երիտասարդութեան ընդունելի դառնալու համար։ Ամէնէն դասական կառոյցներն անգամ, իրենց սկզբունքները կամ գլխաւոր կանոնադրութիւնը նոյնը կը պահելով հանդերձ, սկսած են միջոցներու առումով, ճիգ դնել, նոր ձեւեր գտնել, աւելի բացուելու եւ աւելի ներառողդառնալու։ Ինքնաբերաբար, ներառելու այդ ճիգը նաեւ կ՚ուղուի բոլոր անոնց որոնք նոր հասած են, նոր են համայնքին մէջ»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Բուն -էն սփռուող «Սփիւռք» հաղորդաշարը կը հովանաւորուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին կողմէ։ Հաղորդաշարը կը ներկայացնէ ՀՀԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Սոնա Նէրսիսեան։
«Եթէ նոր Սփիւռքի մասին կը խօսինք, պիտի հասկնանք առաւելաբար, բայց ոչ միայն այստեղ գաղթած մեր հայորդիներուն մասին։ Երբ կը խօսինք նոր սփիւռքի մասին, անշուշտ պիտի խօսինք Արեւմուտքի մասին՝ արեւմտեան աշխարհին մասին, որովհետեւ աւելի հին համայնքները, որ կան Միջին Արեւելքի մէջ, անոնք արդէն շատ քիչ նոր անդամներով կը համալրուին։ Անոնք նաեւ ունին իրենց քաղաքական, ապահովական խնդիրները։ Ուրեմն նոր Սփիւռքի իւրայատկութիւնները որո՞նք են։ Նախ եւ առաջ քանի որ կայ յարաբերաբար, հաստատուած եւ բաւական հասունացած համայնքային կառոյցներ՝ եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ, իւրաքանչիւրը իր անդամակցութեան կարգերով՝ շարքերով եւ նաեւ, ինչու չէ իր կառոյցներով, հաստատութիւններով։ Ուրեմն, երբ որեւէ հայորդի կը հասնի այս համայնքը, պէտք է նաեւ հասկնայ, թէ այդ ամէն ինչը՝ վերիվարոյ ինչպէս կը գործէ։ Եւ եթէ մէկը եկած է որեւէ միջավայրէ, այս պարագային՝ Հայաստանէն ուր համայնքային դրուածք գոյութիւն չունի, այսինքն՝ կայ քաղաքացին եւ կայ պետութիւնը։ Երկուքին միջեւ քաղաքացիական որեւէ հանրութիւն (civil society) գոյութիւն չունի կամ նոր սկսած է գոյութիւն ունենալ։ Հետեւաբար, Հայաստանէն եկողին համար այդ դրուածքը անծանօթ է՝ խորթ է, թէ իր ու պետութեան միջեւ այդ խաւը ինչպէս կը գործէ կամ այդ խաւի դերակատարութիւնը ինչ պիտի ըլլայ իր անձնական կեանքին մէջ։ Եւ բնական է, որ հայը կու գայ կը հասնի այս ափերը, այստեղի դժուարութիւններով՝ ընկերային, տնտեսական, եւ այլն, իր անմիջական մտասեւեռումը բնականաբար պիտի է ըլլայ իր ապրուստը ապահովելը, իր դժուարութիւնները հարթելը։ Իսկ մնացած խնդիրները՝ համայնքային, ազգային, միշտ երկրորդական «փլան»-ի վրայ են։ Եւ բնականաբար այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, բայց ժամանակի ընթացքին, մեր հայրենակիցները, ուրկէ որ եկած ըլլան՝ Լիբանանէն, Պարսկաստանէն կամ ուրիշ տեղերէն, կը հասկնան, որ ինչ որ տեղ պիտի սկսին կարիքը զգալ այդ համայնքային կառոյցներուն, եթէ անոնք կ՚ուզեն որոշ չափով ապրիլ որպէս հայ։ Եթէ որոշած են հայութենէն լրիւ ձեռք քաշել, հեռանալ, ապրիլ որպէս ամերիկացի, խնդիր չկայ, ատիկա կարելի է՝ երթալ եւ որեւէ անկիւն մը ապրիլ, արարել, ինչպէս որ կը ցանկանան։ Բայց եթէ որպէս հայ պիտի ապրին, ինչ որ տեղ պիտի հասկնան, որ կան մարտահրաւէրներ, իրենց զաւակներուն հետ կապուած։ Շատեր իրենց զաւակները չեն ներառեր հայկական կազմակերպութիւններու, ամենօրեայ հայկական վարժարաններու, կամ թէկուզ շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ու այդ միջավայրին մաս չեն կազմեր եւ կը բաւարարուին միայն անմիջական ընտանիքով, հարազատներով։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք կը հասկնան այդ բոլորին արժէքը եւ կամաց-կամաց անոնք կը մօտենան հայկական շրջանակին։ Աւելի «աքթիւ» մասնակցութեան մասին, ղեկավարութեան անդամ ըլլալը արդէն տարբեր հարց է։
Ժամանակակից դառնալու խնդիր կայ։ Ասիկա ոչ թէ միայն հինի եւ նորի միջեւ յարաբերակցութեան իմաստով է, բայց իրենք որպէս կառոյցներ, իրենց կանոնադրութեամբ կամ դրուածքով տեղ-տեղ սկսած են արդէն, մեծ բառ թող չթուի, կամ չեմ ուզեր շատ լրջացնել, բայց ժամանակավրէպ սկսած են դառնալ այդ իմաստով։ Ուրեմն բոլորն ալ ներկայիս ճիգի մէջ են ժամանակակից ձեւեր որոնելու, յարմարուելու, եւ այլն։ Առաւելաբար, նաեւ երիտասարդութեան ընդունելի դառնալու համար։ Ամէնէն դասական կառոյցներն անգամ, իրենց սկզբունքները կամ գլխաւոր կանոնադրութիւնը նոյնը կը պահելով հանդերձ, սկսած են միջոցներու առումով, ճիգ դնել, նոր ձեւեր գտնել, աւելի բացուելու եւ աւելի ներառող դառնալու։ Ինքնաբերաբար, ներառելու այդ ճիգը նաեւ կ՚ուղուի բոլոր անոնց որոնք նոր հասած են, նոր են համայնքին մէջ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Բուն TV» հեռուստաալիքի կողմէ սփռուող «Սփիւռք» յայտագիր կը հովանաւորուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ։ Հաղորդաշարը կը ներկայացնէ ՀՀԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինսթիթութի աւագ գիտաշխատող Սոնա Նէրսիսեանը։ Իսկ հաղորդաշարի 17-րդ թողարկումը, որուն մասնակցած է Դոկտ. Յովսէփեան կը կրէր թ «Նոր Սփիւռքը» ընդհանուր խորագիրը։