image

Այս զոյգ մը հայվաններուն ճակատագրով մտահոգ եմ...

Այս զոյգ մը հայվաններուն ճակատագրով մտահոգ եմ...

Վարուժ Չիլինկիրեան

 

Այս զոյգ մը հայվաններուն ճակատագրով մտահոգ եմ:

Մեր կողքի շէնքին դռնապանը գիւղէն հետը բերած, շէնքի կառատան մէջ ձգած է զիրենք։

 
Երբեմն դուրս կ‘ելլեն, Արեւուն տակ կողք կողքի կը քալեն, կը կտկտան, ճամբուն միւս կողմը կ՚անցնին, ետ կուգան…


Անշուշտ այս բոլորը աննկատ չանցնիր թաղին շուներուն անօթի աչքերէն…
Բայց իմ վախս շուներէն չէ…դռնապանէն է։

Գիւղէն մինչեւ հոս շալկած բերած է երկու խոփ-խոշոր աքլոր։ Ասոր տակը բան մը կայ…Կիւզտըրէճէք մը ունի՚ ։
Միայն աքլոր։ 
Հաւ -մաւ չկայ։

Հետևաբար նաև չկայ աքլորներուն գոյութեան իմաստ կամ նպատակ ` բացի իենց տիրոջ որկորային-որովայնային ակնկալութիւններուն գոհացում տալը…
Աւելի պարզ ասած, հայվանները պիտի մորթուին և բրինձին հետ եփուին…
Թող եփուին, ինծի ի՜նչ, ճէհէննէմին տիպը…


Բայց երանի խնդիրը այդքան պարզ ըլլար, և «ճէհէննէմին տիպ»-ով վերջանար։
Ես միակն եմ որ պիտի փնտռեմ զիրենք։
Աքլորները՜։


Ամէն առտու իրենց կանչին ձայնով զիս Այնճար տանող…
Ամէն առտու զիս 30-40 տարի ետ տանող…
Ամէն առտու ինծի գոնէ 5 վայրկեանուան համար մանկութիւնս բերող այդ կանչերը…


Մտածեցի դռնապանին երկու իւղոտ հաւ գնելու համար քանի մը ղրուշ տամ, եւ փրկեմ աքլորները…
Բայց միեւնոյնն է։


Դրամը պիտի առնէ, Հաւերը պիտի ուտէ, քանի մը շաբաթէն աքլորներն ալ պիտի ուտէ, եւ մեղքը թաղի շուներուն վզին փաթթէ…
Աքլորներու կեանքի փրկութեան յատուկ աղօթք կա՞յ…


Եթէ ուշանանք, պիտի աղօթենք հայվաններուն հոգիին փրկութեան համար…
Կամ ալ ՄԱԿ-ին կամ ևրոպական խորհուրդին մարդու և կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն դիմեմ, ըսեմ որովհետև երկուքն ալ աքլոր են, որձ, քով քովի կը պտտին, կը կտկտան, զիրար կը սիրեն, և իրենց ճակատագիրը իրար կապած են…կը հալածուին իրենց այդ յակումներուն համար…


եւ կը փրկուի՜ն…


Իրենց հետ կը փրկուի նաև ամէն առաւօտեան իրենց կանչով արթննալու հաճոյքս…