image

Այս պահուն մենք հրադադարի կողմնակից չենք. Սպիտակ տունը՝ Կազայի մէջ իրավիճակի մասին

Այս պահուն մենք հրադադարի կողմնակից չենք. Սպիտակ տունը՝ Կազայի մէջ իրավիճակի մասին

Միացեալ նահանգները մերժած է Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման միջեւ հրադադարի մասին համաշխարհային կոչերը՝ պնդելով, որ այդ «այժմ ճիշդ պատասխանը» չէ։ Այս մասին գրած է BBC-ն:

«Մենք չենք կարծեր, որ հրադադարը հիմա ճիշդ պատասխանն է: Այս պահուն մենք հրադադարի կողմնակից չենք», -ըսած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քըրպին: 

Քըրպին այս մասին ըսած է երկուշաբթի՝ հրադադարի փոխարէն առաջարկելով «դադարներ»՝ Կազայի հատուած օգնութիւն հասցնելու համար: 

Ներկայիս Կազայի 2,2 միլիոն բնակչի համար սնունդի, ջուրի, վառելիքի եւ դեղորայքի մատակարարումները վտանգաւոր աստիճանի քիչ են:

Սակայն Իսրայէլը յայտարարած է, որ քանի դեռ ՀԱՄԱՍ-ը չէ կազմաքանդուած, զինադադար պիտի չըլլայ:

«Հրադադարի կոչերը կոչ են Իսրայէլին՝ յանձնուելու ՀԱՄԱՍ-ին, յանձնուելու ահաբեկչութեան... դա տեղի պիտի չունենայ», - ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։