image

«Այս համալիրը մեր գոյատեւման վայրն է»

«Այս համալիրը մեր գոյատեւման վայրն է»

Հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան, շաբաթ 30 Սեպտեմբեր 2017-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին համալիրի Փիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վարչութեան եւ անոր հովանաւորութեան տակ գործող յանձնախումբերու տարեկան ընդհանուր հաւաքը:

Հանդիպման բացումը կատարեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Մուշեղ Պետիրեան, որ իր բարի գալուստի խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, անոնց կատարած ու ծրագրած յայտագիրներուն ու ձեռնարկներուն, որոնք մեր գաղութի կեանքը աւելի աշխուժ կը պահեն: Ապա առիթը տուաւ իւրաքանչիւր յանձնախումբի որպէսզի ներկայացնէ իր յառաջիկայ ծրագիրները ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:

Հաւաքի ընթացքին Թաղական խորհուրդը, Օհաննէսեան Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմը, Տիկնանց յանձնախումբը, Երիտասարդական ու Մարզական յանձնախումբը, Գեղարուեստական յանձնախումբը եւ ԵԱՆ-ը (Young Armenian Network) ներկայացուցին իրենց գալիք ամիսներու ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իրենց ունեցած կարգ մը դժուարութիւնները:

Փակման խօսքը կատարեց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Սուրբը, որ առաջին հերթին մեծապէս գնահատեց յանձնախումբերու կատարած աշխատանքները ու գալիք ծրագիրները, մատնանշելով յանձնախումբերու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը խուսափելու համար ներքին մրցակցութենէ ու խաչաձեւումներէ: Անդրադառնալով համալիրի կարեւորութեան, Հայր Սուրբը մատնանշեց որ մեր ինքնութեան ու գոյատեւման մայր աղբիւրը կը կազմէ այս համալիրը որուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերել ու ժողովուրդի կապուածութիւնը երաշխաւորել համալիրի նկատմամբ: Ան նշեց, նկատի ունենալով երկրի պայմանները, թեմէն ներս որպէս հիմնական կառոյց ունինք Եկեղեցին ու Ազգային Վարժարանը, որոնց նկատմամբ միշտ պէտք է բծախնդրութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտենալ օգտակար դառնալով անոնց գործունէութեան: 
Խօսքի աւարտին Գերապատիւ Հայր Սուրբը գնահատեց տարուած աշխատանքները մաղթելով բոլոր յանձնախումբերուն նորանոր յաջողութիւններ իրենց նուիրական ու անշահախնդիր առաքելութեան:

Աւարտին Ազգային Վարչութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն որ առիթ ստեղծեց մտերմիկ խօսակցութեան: