image

Աւստրալիոյ մէջ. Նուիրեալ հայուհի Մարի Ներսէսեանի կորուստը

  Աւստրալիոյ մէջ. Նուիրեալ  հայուհի Մարի Ներսէսեանի կորուստը

 

 Օրերս Աւստրալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է գաղութի նուիրեալ անդամ, ՀՕՄ-ի հիմնադիրներէն համարուող՝ Տիկն. Մարի Ներսէսեանը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ մարմնի դիմատետրեան էջէն։

 

 Ստորեւ հրապարակուած հակիրճ մահագրութիւնը։

 

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ, Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիր վաստակաշատ ընկերուհի Մարի Ներսէսեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի 27 Հոկտեմբեր 2024 ին:

 

Նուիրեալ եւ գործունեայ հիմնադիր անդամ՝ ստանցնած է զանազան պաշտօններ 1965էն՝ ՀՕՄի անդրանիկ Սօսէ մասնաճիւղի վարչութեան մէջ։ Եղած է նաեւ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, ստանցնելով առաջին կազմին Ատենապետութեան պաշտոնը: Ընկերուհի Ներսէսեանը եղած է հաւատարիմ, վաստակաւոր եւ օրինակելի միութենական: Արժանացած է ՀՕՄի յատուկ գնահատականներու:

 

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհիին սգակիր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՕՄի բոլոր անդամներուն։

 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: