«Gallup International Association»-ը երեւանցիներէն հետաքրքրուած է, թէ որու օգտին կը պատրաստուին քուէարկել սեպտեմբերին սպասուող աւագանիի ընտրութիւններուն:
Հարցուածների 10,1 տոկոսը կը քուէարկէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը գլխաւորող Տիգրան Աւինեանի օգտին, 8,2 տոկոսը կը քուէարկէ նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի օգտին, 5,3 տոկոսը՝ «Հայաստան» դաշինքի՝ Լեւոն Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, եւ 4,5 տոկոսը՝ ՀՀԿ-ի՝ Տարօն Մարգարյանի գլխաւորութեամբ։
«Հարցին դժուարացել է պատասխանել 30,2 տոկոսը։ Սա դասական պատկեր է այս շրջանի համար։ Նորմալ բաշխուածութիւնն է սաղմնային փուլում, որովհետեւ ընտրութիւնները լինելու են երեք ամսից, շատ քիչ թեկնածութիւններ են հաստատուել, մնացածները դեռ խօսակցութիւններ են։ Երբ որ սկսուի ակտիւ քարոզարշաւը, այս ցուցանիշներում փոփոխութիւններ կը տեսնենք»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է «Gallup International Association» հայկական ներկայացուցչութեան ղեկավար Արամ Նաւասարդեանը։