image

Աւելի քան 2000 հայեր կրնան ԱՄՆ-էն  արտաքսուիլ.  ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան 

Աւելի քան 2000 հայեր կրնան ԱՄՆ-էն  արտաքսուիլ.  ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան 

Հայաստանն ունի տուեալներ ԱՄՆ-էն արտաքսման ենթակայ աւելի քան 2000 քաղաքացիի վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։

Յունուարի վերջը ԱՄՆ ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւնը (ICE) զեկոյց հրապարակած էր, որուն մէջ ըսուած էր, որ ապօրինի ներգաղթեալներուն ուղղուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքականութեան համաձայն՝ ՀՀ 2808 քաղաքացի պէտք է արտաքսուի։

«Մենք գիտենք 2000-ից աւելի ՀՀ քաղաքացիների մասին, բայց այդ թիւը շատ աւելի մեծ է։ Նրանցից քանիսն են արդէն արտաքսուել` մեզ յայտնի չէ», – նշած է Սինանեանը։

Անոր խօսքով` այդ հարցով այլ կառոյցներ կը զբաղին, արտաքսուած քաղաքացիներն ալ չեն կրնար սփիւռքի մաս համարուիլ, քանի որ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուած են ապօրինի։