Միջազգայնօրէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու Ատրպէյճանի կողմէ անպատիժ խախտումները անոր կը քաջալերեն նորանոր սադրանքներու երթալու։ Կառավարութեան նիստի ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Նման մի հրէշաւոր սադրանք տեղի է ունեցել երէկ, երբ ադրբեջանական կողմը նպատակային դիպուկահար կրակոցով սպանել է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի զինծառայող Արշակ Սերոժայի Սարգսեանին։ Ցաւակցութիւն յայտնելով սպանուած ժամկէտային զինծառայողի ծնողներին, հարազատներին՝ միջազգային հնարութեան ուշադրութիւնն եմ հրաւիրում այն ակնյայտ փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը իրադրութիւնը զարգացնում է դէպի նոր էսկալացիա»,-ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետի խօսքով՝ սա աւելի կը հիմնաւորէ Ատրպէյճանի՝ պետական մակարդակով վարուող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» անհեթեթ խօսոյթով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութեան բացայայտ քայլ է։
«Ընդհանուր առմամբ պէտք է ընդգծեմ, որ այս խօսոյթը եւս մէկ անգամ ի ցոյց է դնում, որ մեր Կառավարութիւնը հենց սկզբից ճիշդ է ընթերցել Ադրբեջանի ուղերձները եւ Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իրաւունքը կասկածի տակ դնող քաղաքականութիւնն ու խօսոյթն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան չկարգաւորման պատճառը»,- եզրափակած է վարչապետը։