Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ի գիտութիւն ընդունած է ականապատ դաշտերու քարտէզներու տրամադրման վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութիւնը։ Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հայկական կողմի քայլը «կարելի չէ գնահատել որպէս վստահութեան կառուցման գործիք», եւ որ Հայաստանի «մտադրութիւնը չի նպաստեր մարդասիրական գործընթացին»։
«Ատրպէյճանը կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանը կը տրամադրէ ականապատուած բոլոր տարածքներու ճշգրիտ քարտէզները։ Պէտք է նաեւ անյետաձգելի միջոցներ ձեռնարկուին Հայաստանի կողմէ վերջին 30 տարիներուն անհետ կորսուած շուրջ 4 000 ատրպէյճանցիներու ճակատագրի, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանցիներու զանգուածային թաղման վայրերու մասին տեղեկատւութիւն տրամադրելու նպատակով»,- ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ատրպէյճանական կողմը նշած է, որ 2020-ի պատերազմի աւարտէն մինչեւ օրս ականի պայթումէն տուժած է 342 ատրպէյճանցի, որոնցմէ 65-ը զոհուած է, այդ շարքին՝ 3 լրագրող, իսկ 65 զոհերէն 50-ը քաղաքացիական անձինք եղած են։
«2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք ականապատ դաշտերու փոքրաթիւ քարտէզներու հաւաստիութիւնը կազմած է ընդամէնը 25%: Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ այդ քարտէզներն անօգուտ են եւ թերի, չեն արտացոլեր իրական իրավիճակը։ Թէեւ այդ քարտէզներու մէջ նշուած է, թէ տեղադրուած է 400 հազար ական, իրականութեան մէջ ականներու քանակը կը գերազանցէ 1 միլիոնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։