Եթէ Հայաստանը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ուրեմն կը ճանչնայ Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Այս մասին News.am-ի «Ուժի գործօն» հաղորդման ծիրէն ներս ըսաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխտնօրէն՝ Ալեքսանտր Սքաքով։
«Այստեղ ոչ մէկ նոր բան տեղի կ'ունենայ։ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն յետոյ անցած տասնամեակներու ընթացքին Հայաստանը չէ գացած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու ուղիով։ Հայաստանի քաղաքականութեան կրաւորականութիւնը բերած է այն, ինչ ունինք հիմա»,- ըսաւ ան։
Կարելի է պաշտօնապէս ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց ինչ ընել այդ պաշտօնական ամբողջական Ատրպէյճանին մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներուն հետ։ Եթէ կ'ընդունինք, որ սա ամբողջովին Ատրպէյճանի ներքին գործն է, ուրեմն ինչ կ'ըլլայ որոշ ժամանակ ետք այս բնակչութեան հետ։ «Կը կարծեմ, որ պէտք է ըլլայ այնպիսի ձեւակերպում, որուն կը համաձայնին երկու կողմերը»,- ընդգծեց Սքաքով։
Ատրպէյճանի հրաժարուիլը այն ձեւակերպումներէն, ուր յիշատակումներ կ'ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի մասին, փորձագէտը փակուղի անուանեց։ «Խաղաղապահները Ղարաբաղ են, քանի դեռ այնտեղ հայ բնակչութիւն կայ, այլ ոչ թէ միայն Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի կարգավիճակի պատճառով։ Զօրախումբն այնտեղ է, որպէսզի ապահովէ այս տարածքը ապրող բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Պաքուի նպատակն այն է, որ այնտեղ հայ բնակչութիւն չմնայ՝ կեանքը բարդացնելու միջոցով՝ այն, ինչ մենք արդէն լաւ տեսած ենք: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այդ չեն թաքցներ։ Եթէ բնակչութիւն չըլլայ, ուրեմն ինչու համար են խաղաղապահները»,- յայտարարեց Սքաքով։