Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ծառայողական խորհրդակցութիւն կատարած է, որուն մասնակցած են անոր տեղակալները, զօրքերու հրամանատարները, նախարարութեան գլխաւոր վարչութիւններու եւ ծառայութիւններու պետերը, յայտնած է ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը՝ նշելով՝ «խորհրդակցութեան տեսակապով մասնակցած են ազատագրուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած զօրամիաւորումներու հրամանատարները»:
Լրատուամիջոցը, յղում ընելով երկրի ռազմական գերատեսչութեան, յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին, զօրքերու ծառայութեան կազմակերպման ու կատարման:
Հասանով յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ «2024 թուականին սպասուող այլ խնդիրներու որակեալ կատարման»։
Զաքիր Հասանով յանձնարարած է նաեւ բարձրացնել ստորաբաժանումներու մարտունակութիւնը։