image

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ

Ատրպէյճանի մէջ 4,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Այս մասին յայտնած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնը (EMSC):

Նշուած է, որ երկրաշարժի օճախը գտնուած է 29 քմ խորութեան վրայ։

Ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Իրանի Փարսապատ քաղաքէն 91 քմ հիւսիսարեւելք եւ Ատրպէյճանի Քուրտամիր քաղաքէն 19 քմ հիւսիսարեւելք, յայտնած է աղբիւրը։

NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։