Ատրպէյճանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան 2024 թուականի փետրուար 7-ին։
Համապատասխան կարգադրութիւնը ստորագրած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ատրպէյճանը 20 տարի ղեկավարող Ալիեւը վերջին անգամ ընտրուած էր 2018-ի ապրիլին՝ 7 տարի ժամկէտով: Այդ ընտրութիւնները նոյնպէս արտահերթ էին:
Հերթական ընտրութիւնները նախատեսուած էին 2025 թուականի հոկտեմբերին։ Արտահերթ ընտրութիւններու կայացման պատճառներու մասին ատրպէյճանական աղբիւրները չեն հաղորդեր։
Իլհամ Ալիեւ առաջին անգամ Ատրպէյճանի նախագահ ընտրուած է 2003 թուականին, այնուհետեւ երկու անգամ Սահմանադրութիւն փոխած է։ Ան վերացուցած է երկու անգամէն աւելի նախագահ ընտրուելու արգելքը, այսինքն՝ միջինասիական երկիրներու պէս՝ Ատրպէյճանի մէջ նախագահը կ՚ընտրուի ցմահ:
2024-ին Ալիեւ կրնայ կրկին առաջադրուիլ: