image

Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց պաշտպանը այցելած է Ռուբէն Վարդանեանին

Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց պաշտպանը այցելած է Ռուբէն Վարդանեանին

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց պաշտպանը այցելած է Ռուբէն Վարդանեանին։

Ըստ հրապարակման՝ Վարդանեանը գոհունակութիւն յայտնած է պահման պայմաններէն։ Ան յայտնած է նաեւ, որ նախնական բուժզննում անցած է, առողջական խնդիրներ չունի։

Վարդանեանը պիտի կարենայ հեռախօսով շփուիլ ընտանիքի հետ։ Անոր տրամադրուած է նաեւ փաստաբան։