image

Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը Գարեգին Երկրորդին կոչ ըրած է հրաժարելու «վրէժխնդրութեան քարոզէն»

Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը Գարեգին Երկրորդին կոչ ըրած է հրաժարելու «վրէժխնդրութեան քարոզէն»

Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէն յայտարարած է, թե իբր Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ «վրէժխնդրութիւն կը քարոզէ» ողջ աշխարհի մէջ:

«Այսօր Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Հայկական եկեղեցին ամբողջ աշխարհի մէջ վրէժխնդրութիւն կը քարոզէ եւ որեւէ կերպ համաձայն չէ այն փաստի հետ, որ Ատրպէյճանը ազատագրած է իր սեփական տարածքները։ Անոնք համաձայն չեն, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է»,- ըսած է Փաշազատէն, հաղորդած է ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի ահազանգերն այն մասին, որ Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ կը քանդէ եւ կ՚աւերէ եկեղեցիները, «սուտ է եւ զրպարտութիւն»: