Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բոլոր հանդիպումներու ժամանակ կը բարձրացուի 8 գիւղի վերադարձի հարցը։ Ինչպէս հաղորդած է «ԱՊԱ»-ն, այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ ամփոփելով 2023 թուականի գործունէութեան արդիւնքները։
«Այս գիւղերն ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ 4-ը անկլաւային են, մնացած 4-ը անկլաւային չեն։ Մեր մօտեցումն այն է, որ գործընթացին մէջ կրնայ ըլլալ որոշակի յաջորդականութիւն եւ այն կրնայ շարունակուիլ փոխադարձ քննարկման ձեւաչափով։ Հայաստանն ալ ունի իր պահանջները, իր տեսակէտները սահմաններու վերաբերեալ։ Բայց խօսքը բնակեցուած տարածքներու մասին է։ Թէ որուն կը պատկանին այս գիւղերը, վիճելի թեմայ չէ, պարզ է, թէ խորհրդային տարիներուն ովքեր ապրած են այդ գիւղերուն մէջ»,- ընդգծած է Պայրամովը:
«Մենք կը կարծենք, որ այդ կապուած է սահմանազատման հետ, եւ, ինչպէս գիտէք, սահմանազատումը տեխնիկական խնդիր է։ Խաղաղութեան պայմանագիրը կ՚արտացոլէ ընդհանուր սկզբունքները»,- աւելցուցած է ատրպէյճանցի նախարարը։
Անոր խօսքով՝ նոյնիսկ տարածքային լուրջ հակամարտութիւն չունեցող երկիրներու միջեւ սահմանազատման գործընթացը կրնայ երկար տեւել: