Այսօր Երասխի ուղղութեամբ տեղի ունեցած հրդեհի վերաբերեալ պէտք է նշել, որ ատրպեճանական կողմէն դիտաւորեալ կը կրակեն հրկիզող եւ պայթող փամփուշտներով, յաճախ փորձելով թիրախաւորել դիրքերու ճարտարապետական կառուցուածքի մէջ մտնող անուադողերը, դիմատետրեան իր էջին գրած է Banak.info կայքի համակարգող Դաւիթ Թորոսեանը:
Նշենք, որ, ինչպէս հաղորդած էր ՊՆ-ն, Ատրպեճանական զօրքերը ժամը 17:20-էն սկսեալ կրակ բացած են Երասխի դիրքերու ուղղութեամբ: