image

«Միտումնաւոր էր». Եւրոպացի պաշտօնատարը արձագանգած է ռուսական ԱԹՍ-ներու Լեհաստան մուտք գործելուն մասին

«Միտումնաւոր էր». Եւրոպացի պաշտօնատարը արձագանգած է ռուսական ԱԹՍ-ներու Լեհաստան մուտք գործելուն մասին

Ռուսական անօդաչու թռչող սարքի (ԱԹՍ) ներխուժումը Լեհաստան միտումնաւոր էր, յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլաս:

«Երէկ երեկոյեան Լեհաստանի մէջ մենք ականատես եղանք Ռուսիոյ կողմէ Եւրոպայի օդային տարածքի ամենալուրջ խախտման պատերազմի սկիզբէն ի վեր, եւ կան նշաններ, որ այդ կատարուած է միտումնաւոր եւ ոչ թէ պատահաբար։

Ռուսիոյ պատերազմը չ'աւարտիր, այլ նոր թափ կը ստանայ»,- գրած է Քալլաս X-ի իր էջին:

Յիշեցնենք, որ Լեհաստանի վարչապետ Տանըլտ Թուսք յայտարարած է, որ գիշերը Ռուսիա խախտած է Լեհաստանի օդային տարածքը: