Իսրայէլի մայրաքաղաք Թէլ Աւիւի մէջ զինեալ միջադէպ մը տեղի ունեցած է, երբ քաղաքացի մը ինքնաշէն ատրաճանակ մը օգտագործելով կրակ բացած է անցորդներուն ուղղութեամբ։
Ոստիկանական ուժեր կարողացած են վնասազերծել քաղաքացին, որ արաբ ազգութեամբ եւ իսրայէլահպատակ մըն է։
Նոյն պահուն սրընթաց ինքնաշարժ մը ուղղուած է Թէլ Աւիւի ծովափին պտոյտի ելած զբօսաշրջիկներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է ազգութեամբ իտալացի զբօսաշրջիկ մը։
Երկու դէպքերն ալ միտումնաւոր կերպով եղած դէպքեր են, եւ Իսրայէլեան կառավարութիւնը զանոնք համարած է ահաբեկչական արարքներ։
Նախնական տուեալներով զոհուած է մէկ անձ եւ կան 7 վիրաւորներ։
Իսրայէլի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ։