image

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցէն քննադատութիւն՝ Փաշինեանի հասցէին

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցէն քննադատութիւն՝ Փաշինեանի հասցէին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

 «Այն, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 20 յուլիսին կառավարութեան նիստին իր ելոյթին մէջ եւս մէկ անգամ ընդգծեց Լաչինի ճանապարհի վերաբերեալ վերջին 8 ամիսներու ընթացքին իրենց կրկնած պնդումները՝ անդրադառնալով Պրիւքսէլի մէջ ղեկավարներու մակարդակով հանդիպման, ցոյց կու տայ Հայաստանի մտադրութիւնը՝ խոչընդոտելու խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները, որոնք վերջին շրջանին առաջ կը շարժին իրենց քաղաքական նպատակներով»,- յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը նշած է, որ «հայկական կողմէն «Աղդամ-Խանքենդի» (Ակնա-Ստեփանակերտ) ճանապարհի օգնագործման մերժումը կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ լարուած մարդասիրական իրավիճակի մասին յայտարարութեան անհիմն ըլլալու եւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անօրինական գործունէութիւնը շարունակելու Հայաստանի մտադրութեան մասին»։ 

Ատրպէյճանական կողմը նշած է, որ «շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատմամբ ու կը հանդիսանայ բանակցային գործընթացի աշխոյժ կողմ»։

«Եթէ հայկական կողմը շահագրգռուած է խաղաղութեամբ, ապա պէտք է հրաժարի խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտող ջանքերէն»,- ըսուած է Պաքուի հաղորդագրութեան մէջ։