image

Ատրպէյճանցիք հայկական կողմին փոխանցեցին Ճարտարի քաղաքացիին դին

Ատրպէյճանցիք հայկական կողմին փոխանցեցին Ճարտարի քաղաքացիին դին

Ատրպէյճանական կողմը Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարարութեան փոխանցած է Ճարտար քաղաքի բնակիչ Սէյրան Սարգսեանի դին:

Ատրպէյճանցի զինուորականներուն կողմէ բռնութեան ենթարկուած եւ դիտաւորութեամբ կեանքէն զրկուած Ճարտար քաղաքային համայնքի 65-ամեայ Սէյրան Սարգսեանի դին՝ ատրպէյճանական կողմը Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ-Շեխեր համայնքներու խաչմերուկին մէջ փոխանցած է Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան:

Փրկարարները՝ ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի խաղաղ բնակիչին մարմինը տեղափոխած եւ յանձնած են հարազատներուն: