Հայկական դիրքերու անձնակազմի համար սնունդ տեղափոխող մեքենայի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ կան։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ աւելի ուշ:
Ժամը 16:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է:
Յիշեցնենք, որ ժամը 14:25-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Կութի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմի համար սնունդ տեղափոխող մեքենայի ուղղութեամբ: