image

Ատրպէյճանցիները կրակած են ԵՄ դիտորդներու ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ատրպէյճանցիները կրակած են ԵՄ դիտորդներու ուղղութեամբ. Պաշտպանութեան նախարարութիւն

15 օգոստոսին՝ ժամը 12:20-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքէ կրակ բացած են Վերին Շորժայի ուղղութեամբ պարեկութիւն իրականացնող Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդներու եւ անոնց պատկանող ինքնաշարժի ուղղութեամբ:

Տուժածներ չկան:

Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէ: