2024 թուականի առաջին եռամսեակին ատրպէյճանցի շուրջ 400 ընտանիք Շուշի պիտի տեղափոխուի:
Ըստ «Թրենտ» գործակալութեան՝ այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քերիմովը։ «Յառաջիկային պիտի սկսվի ճանապարհային ենթակառուցուածքներու կառուցման լայնածաւալ գործընթաց, բացի այդ՝ ներկայիս կը շարունակուի ընկերային կառոյցներու կառուցման գործընթացը»,-աւելցուցած է ան։
Մինչեւ 2026 թուականը Ղարաբաղի մէջ պիտի բնակեցուի 140 հազար մարդ
Մինչեւ 2026 թուականն ալ Պաքուն կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակեցնել ընդհանուր առմամբ 34 հազար 500 ընտանիք, 140 հազար եւ աւելի, այսպէս կոչուած, «նախկին ներքին տեղահանուածներ»։
Ըստ ատրպէյճանական APA-Economics-ի՝ այդ մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էմին Հուսէյնովը: