Շարունակելով յառաջխաղացումը ՀՀ «միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքով», որու անձեռնմխելիութեան հանդէպ միշտ կոյր լաւատեսութիւն ունեցած են եւ ունին «հիմնադիր նախագահի վերջին օրերու» աղանդաւորները, Ատրպէյճանը եւս 2 քմ խորացած է` գրաւելով Հանդ գիւղատեղին, Ներքին Հանդ գիւղի գերեզմանոցը, զրկելով գիւղը խմելու ջուրէ, եւ յայտնուած է գիւղէն ընդամէնը 1 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է քաղաքագէտ Էտկար Էլբակեանը:
Ան նաեւ յաւելած է. «Նպատակն ակնյայտ է` օգտուել քաղաքական առաւելութիւնից, այն է` Հայաստանում իրենց դրածոյ կամակատար իշխանութեան առկայութիւնից եւ, ըստ այդմ, զրոյական դիմադրութիւնից` առաջանալով Ծաւ գետի հոսանքով ու կտրելով Սրաշան-Ծաւ, ասել է թէ` Կապան-Շիկահող-Շուանիձոր-Մեղրի ճանապարհը (տեղանքի քարտէզը` մեկնաբանութեամբ)»: