image

Ատրպէյճան կրկին կրակած է Արցախի դաշտերուն մէջ աշխատող քարշակի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան կրկին կրակած է Արցախի դաշտերուն մէջ աշխատող քարշակի ուղղութեամբ

18 օգոստոսի ժամը 09:20-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժը Մարտունիի շրջանին մէջ խախտած է հրադադարը` հրաձգային զէնքէ կրակ բանալով Միւրիշէն համայնքի դաշտերը աշխատող քարշակի ուղղութեամբ։ Այդ մասին յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը։

«Ակնյայտ է, որ հետեւողականօրէն խոչընդոտելով գիւղատնտեսակսն աշխատանքները, ադրբեջանական կողմը նպատակ ունի էլ աւելի խորացնել շրջափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութիւնում առաջացած հումանիտար (մարդասիրական) աղէտը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

17 օգոստոսին, օրուան ընթացքին, Ատրպէյճան երկու անգամ կրակած էր Սարուշէնի դաշտերուն մէջ աշխատող հնձամեքենային ուղղութեամբ։ 15 օգոստոսին եւս ատրպէյճանական կողմը կրակած էր հացահատիկահաւաք սարքի ուղղութեամբ։