Միջուկային 5 գէրտերութիւններ՝ ԱՄՆ-ն, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Ռուսաստանը եւ Չինաստանը համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, ուր նուված է, որ իրենց առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը կը համարեն աթոմային զէնք ունեցող երկիրներու միջեւ պատերազմի անթոյլատրելիութիւնն ու ռազմավարական վտանգներու նուազեցումը։
«Մենք կը յայտարարենք, որ աթոմային պատերազմին մէջ չեն կրնար յաղթողներ ըլլալ եւ այն երբեք պէտք չէ տեղի ունենայ», յայտարարած են հինգ երկիրները, նշելով, որ իրենց միջուկային զէնքերը պէտք չէ ուղղուած ըլլան միմեանց, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու դէմ։
Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ քանի դեռ միջուկային սպառազինութիւնները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, անոնք պէտք է ծառայեն պաշտպանական նպատակներու՝ յարձակումը զսպելու եւ պատերազմները կանխելու համար։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ 5 երկիրները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնած են միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրին։