image

Աշոտ Մինասեան ազատութեան մէջ

Աշոտ Մինասեան ազատութեան մէջ

«Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը (Աշոտ Երկաթ) ազատ արձակուեցաւ կալանքէն:

Դատարանի որոշմամբ` անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման փոխարէն կիրառուեցաւ չհեռանալու մասին ստորագրութիւն եւ գրաւ:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուայ Նոյեմբեր 9-ին, երբ ստորագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմը դադրեցնելու եռակողմ յայտարարութիւնը, անկէ անմիջապէս ետք իրաւապահները սկսան շարք մը ընդդիմադիրներ ձերբակալել:

Այդ օրերուն ԱԱԾ-ն ձայնագրութիւն տարածեց այն մասին` իբրեւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն, ներկայիս` «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը, ՀՀԿ-ական Վահրամ Պաղտասարեանը, ՀՅԴ անդամ Աշոտ Աւագեանը եւ «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը Նիկոլ Փաշինեանի սպանութիւնը կը նախապատրաստեն եւ իշխանութիւնը կ'իւրացնեն: 2021 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն այդ քրէական գործը կարճուեցաւ: Սակայն հրամանատարը կը մեղադրուի նաեւ ապօրինի զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու եւ պահելու մէջ: Ան մը քանի ամիս է` կալանաւորուած է դեռեւս 1 տարի առաջ յարուցուած քրէական գործով: