image

Ասանժ կրնայ ԱՄՆ-ին արտայանձնուիլ

Ասանժ կրնայ ԱՄՆ-ին արտայանձնուիլ

Լոնտոնի Գերագոյն դատարանը սկսած է գերգաղտնի նիւթերու հրապարակմամբ զբաղող WikiLeaks կայքի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը՝ Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնման դէմ բողոքի քննութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։

Ինքը՝ Ասանժը, ինչպէս նիստի սկիզբը յայտնած է անոր փաստաբանը, վատառողջ ըլլալու պատճառով չէ կրցած մասնակցիլ լսումներուն։

Դատավարութիւնը կրնայ 52-ամեայ աւստրալացիի համար վերջինը ըլլալ բրիտանական դատարաններուն մէջ: Նիստը նախատեսուած է երկու օր: Եթէ այս բողոքարկումը յաջողի, Ասանժի պաշտպանութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ բրիտանական դատարաններուն մէջ վիճարկել անոր արտայանձնումը Միացեալ Նահանգներուն, որ հաստատուած է Թագաւորութեան Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ 2022 թուականին։

Իսկ մինչ այդ աւստրալացիի հարիւրաւոր կողմնակիցներ հաւաքուած են դատարանի շէնքի մօտ։ Անոնք վանկարկած են «Ազատութիւն Ժուլիան Ասանժին» եւ «Վե՛րջ հալածանքին» կարգախօսները։

Ասանժն ԱՄՆ-ի մէջ կը մեղադրուի երկրի պատմութեան մէջ գաղտնի տեղեկատւութեան բացայայտման ամենախոշոր դէպքի հետ կապուած յանցագործութիւններու համար։ Անոր կը սպառնայ 175 տարուան ազատազրկում։