image

Արժանթին. Հայութիւնը Ռիւըր Փլէյթէն կը պահանջէ հրաժարիլ Turkish Airlines-էն

Արժանթին. Հայութիւնը Ռիւըր Փլէյթէն կը պահանջէ հրաժարիլ Turkish Airlines-էն

Արժանթինահայ համայնքը խստօրէն կը դատապարտէ «Թրքական աւիաուղիներ» (Turkish airlines) ընկերութեան հովանաւորութիւնը արժանթինական առաջատար խումբերէն մէկուն՝ Ռիւըր Փլէյթին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Dikgazete-ը։

Այսուհետեւ արժանթինական ակումբի մարզաշապիկին վրայ պիտի ըլլայ թրքական ընկերութեան նշանակը եւ «Turkish Airlines» գրութիւնը։ Պայմանագիրը կնքուած է 3 տարիով։

Հարցին շուրջ խօսած է Արժանթինի մէջ հայկական համայնքի կազմակերպութիւններէն մէկուն անդամ  Էտուարտօ Կոստանեան։ Ան նշած է, որ այդպիսով Թուրքիան կը փորձէ առաջին հերթին բարձրացնել իր վարկանիշը աշխարհի մէջ։ Ըստ անոր՝ այդ առումով, Turkish airlines-ը կարեւոր գործիք է Թուրքիոյ համար։

«Չենք ուզեր, որ թրքական ընկերութիւնը ներխուժէ արժանթինական ֆութպոլ»,- ըսած էր Կոստանեան։

Տեղեկացնենք, որ Արժանթինի հայերը քանի մը անգամ բողոքի ցոյց ըրած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի այցելութեան դէմ։ Արժանթինահայերը կը շեշտեն, որ Էրտողանի վարչակարգը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը՝ կապելով հարցը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ։