image

Արտակարգ դէպք՝ Երեւանի մէջ. Մարզահամերգային համալիրի յարակից տարածքէն յայտնաբերուած է մարդու գանկ

Արտակարգ դէպք՝ Երեւանի մէջ. Մարզահամերգային համալիրի յարակից տարածքէն յայտնաբերուած է մարդու գանկ

Երեւանի մէջ, Յունիս 6-ին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է:

Այդ օր Երևանի քաղաքապետարանի աշխատակիցները մարզահամերգային համալիրի յարակից տարածքին մէջ ծառատունկ իրականացնելու ժամանակ յայտնաբերած են մարդու գանկ։ 

Դէպքի մասին ահազանգած են ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին, ուրկէ ժամանած է խումբ՝ հետաքննական բաժանմունքի հետաքննիչի գլխաւորութեամբ։  Դէպքի փաստով նիւթեր կը նախապատրաստուին, հետաքննիչի որոշմամբ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։