Պոլսէն վերահասու դարձանք, որ սկսած է գործել Իսթանպուլ-Երեւան նոր չուերթ մը, որ նախաձեռնութիւնն է «Արմինեըն Էյրլայնզ» ընկերութեան։ Կ՚իմանանք նաեւ, որ այս կարեւոր նախաձեռնութեան գլուխն է մեր բարեկամ՝ Էրսին Թիւֆեքճին։
Ստորեւ այդ մասին Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի լրատւութիւնը, ուր կը ներկայացուի կազմակերպիչներու Հայոց Պատրիարքարան ներկայանալու մասին հակիրճ տեղեղականքը։
Յաջողութիւն մեր հայրենակիցներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 4 յուլիսին Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց «Armenian Airlines» ընկերութեան ներկայացուցիչները՝ Հերմինէ Յովհաննէսեանը, Էրսին Թիւֆեքճին եւ Արփինէ Սէօղիւթ Թիւֆեքճին։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին օդանաւային ընկերութեան գործունէութեան մասին եւ յայտնեցին, թէ 2 յուլիսէն սկսեալ իրենց ընկերութիւնը ձեռնարկած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ թռիչքներու։ Ընկերութիւնը շաբաթը երկու օր պիտի ունենայ թռիչքներ։ Անոնք յայտնեցին նաեւ, թէ Համահայկական խաղերու եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան սեմին իրենց գործունէութիւնը առաւել օգտակար պիտի ըլլայ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ընկերութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։