ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնի առաքելութիւնը աւարտող Արման Թաթոյեան կը շարունակէ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններու բացայայտման ոլորտին մէջ: Այս մասին ան յայտնած է Փետրուար 23-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։
Թաթոյեան յիշեցուցած է, որ իր գործնական կեանքը սկսած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն ներս, աշխատած է առաջին եւ երկրորդ Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն հետ, այնուհետեւ՝ միջազգային կառոյցներու մէջ։
«Այժմ պետական համակարգում ինձ չեմ տեսնում։ Տեսնում եմ այլ գործունէութեան՝ հանրային գործունէութեան մէջ։ Ես վատ նորութիւն ունեմ Ադրբեջանի իշխանութիւնների համար։ Թող ադրբեջանցի պատգամաւորները, եթէ դեռ չեն գնացել, փոխանցեն, որ Արման Թաթոյեանը չի դադարեցնում հասարակական գործունէութիւնը, յատկապէս Ադրբեջանի կողմից խախտումների բացայայտման առումով, եւ կը շարունակի բացայայտել իր կատարած ռազմական յանցագործութիւնները», - հաղորդած է Թաթոյեան։
Քաղաքական ուժերու առաջարկներու մասին հարցին ի պատասխան՝ Արման Թաթոյեան յայտնած է, որ այժմ քաղաքական ուժերէն առաջարկ չէ ստացած, իսկ եթէ ստանայ, չի պատրաստուիր միանալ։
«Խորհրդարանական ընտրութիւնների ժամանակ փորձեր եղել են, բայց ստացել են վճռական «ոչ»։ Ամենայն յարգանքով, բայց կայ այն, ինչ կայ», - նշած է Թաթոյեան։
Պատասխանելով իր թեկնածութիւնը երկրորդ ժամկէտով առաջադրելու հնարաւորութեան մասին հարցին՝ Թաթոյեան նշած է, որ նման ակնարկներ եղած են, եւ եթէ ան նուազեցներ հրապարակային քայլերը, ապա կրնար երկրորդ ժամկէտ ակնկալել։
«Բայց իմ նպատակը ոչ թէ պաշտօն ստանալն էր, այլ երդմանը բարեխիղճ ծառայութեան մէջ։ Թող մտածեն այն պաշտօնեաները, որոնք անլուրջ վերաբերմունք են ցուցաբերել մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմի կառուցուածքի նկատմամբ։ Երբեք չեմ մտածել յարմարաւէտութեան գօտու մասին։ Ու հիմա շարունակելու եմ աշխատանքը, որը կապուած է սահմանամերձ գօտիների բնակիչների իրաւունքների պաշտպանութեան եւ Ադրբեջանի յանցագործութիւնների բացայայտման հետ», - ընդգծած է Թաթոյեան։