image

Արեւմուտքը պատերազմ յայտարարած է ամբողջ ռուսական աշխարհին դէմ. Լաւրով

Արեւմուտքը պատերազմ յայտարարած է ամբողջ ռուսական աշխարհին դէմ. Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ Արեւմուտքը ընդհանուր պատերազմ յայտարարած է ամբողջ ռուսական աշխարհին դէմ:

«Արեւմուտքը մեզ ընդհանուր պատերազմ յայտարարած է, ամբողջ ռուսական աշխարհին դէմ,ՠ հիմա ոչ ոք կը թաքցնէ», ըսած է ան:

Լաւրով ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները կ'աշխուժացնեն Ռուսիան զսպելու ջանքերը:

Լաւրովի խօսքով` Արեւմուտքի կողմէ Ռուսիոյ «չեղարկման» հետ կապուած ներկայիս իրավիճակը դեռ երկար պիտի պահպանուի: