image

Արցախի վիճակը օրըստօրէ կը վատանայ

Արցախի վիճակը օրըստօրէ կը վատանայ

Արցախի մէջ վտանգուած են 120 հազար մարդու կեանքի, առողջութեան, տեղաշարժի ազատութեան, կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքները:

Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

«Արցախի շրջափակման 17-րդ օրը. վտանգուած են 120 հազար մարդու կեանքի, առողջութեան, տեղաշարժի ազատութեան, կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքները։ Արցախում հումանիտար իրավիճակն օրեցօր վատանում է»,- գրած է ան: