Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 9 նոյեմբերին այցելած է Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Արցախի նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ երկրի ղեկավարին ուղեկցած էին նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը, պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանը, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանը: