Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մայիս 18-ին հանդիպած է Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» խմբակցութեան պատգամաւորներու հետ։
Քննարկուած են Արցախի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, շեշտուած է ստեղծուած իրավիճակի մէջ ներքին կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Նախագահ Յարութիւնեանը յայտարարած է, որ յառաջիկային պիտի լսէ բոլոր շահագրգիռ կողմերու տեսակէտները, պիտի քննարկէ առաջարկները։
«Քաղաքական խորհրդակցութիւնների աւարտին ընդունուելու են որոշումներ, որոնք հնարաւորութիւն են տալու խուսափել ներքաղաքական ճգնաժամից եւ չխարխլել պետականութեան հիմքերը»,- նշած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը։