image

Արցախի նախագահը խորհրդակցութեան նիստ կայացուցած է

Արցախի  նախագահը  խորհրդակցութեան նիստ  կայացուցած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութիւն հրաւիրած է, որուն կը մասնակցէին նաեւ խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները:

Քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները եւ այդ ծիրէն ներս իշխանութիւններու հետագայ ընելիքները:

Խորհրդակցութեան որոշ մասնակիցներ ներկայացուցած են իրենց կատարած աշխատանքները այդ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուած են յստակ հարցերու շուրջ միասնական դիրքորոշումներ ձեւաւորելու վերաբերեալ: